2013-11-27 14:47:10

Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` վսեմաշուք Միքայէլ Մինասեանի այցը Ռատիովատիկան։


RealAudioMP3 Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5,15-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Վսեմաշուք Միքայել Մինասեան, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ռատիովատիկան։

Պաշտօնական այցելութեան սկիզբը, դեսպան Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին հետ։ Հանդիպումը կայացաւ մտերիմ մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռատիովատիկանի տնօրէնին` Սուրբ Աթոռի մօտ առաջին մնայուն դեսպանատան բացման առթիւ (7 յունիս 2013), անոր ցուցաբերած մօտիկութեան եւ յատուկ ուշադրութեան համար։

Հայր Լոմպարտին իր կարգին շնորհակալ եղաւ դեսպանին եւ ընդգծեց Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գոյացած բարեկամական ամրապնդուած կապերը ու այս ուղղութեամբ Ռատիովատիկանի ընտանիքէն ներս ''Հայկական բաժնի'' ընծայած ծառայութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիպումի աւարտին Դեսպան Միքայէլ Մինասեան Հայր Լոմպարտիին նուիրեց` փայտի վրայ փորագրուած խաչքարի գեղեցիկ նմոյշ մը եւ Հայկական առաջին գիրքի տպագրութեան 500-րդ տարեդարձի առթիւ, Վենետիկի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի պաշտօնական գրացուցակը։

Վսեմաշուք դեսպանը ապա հակիրճ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռատիովատիկանի խմբագրական բաժնի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Անտրէա Քոփրովսքիին հետ ու ապա, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին, այցելեցին Ռատիովատիկանի զանազան բաժանմունքներու գրասենեակները եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան ''սթուտիոյին'' մէջ` դեպան Մինասեանը հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէնին հետ, որուն աւարտին այցելեց Ռատիովատիկանի Հայկական մասնաճիւղը ուր հանդիպելով խմբագրական կազմին` գնհատեց անոնց աշխատանքը ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու եւ լաւագոյնս կատարելու` ի փառս Եկեղեցւոյ եւ ազգին Հայոց։ Հայկական բաժնի տնօրէնը` Ռոպէր Ադդարեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Վսեմաշուք դեսպանին, այցելութեան ուրախալի առիթին համար, ու անոր մաղթեց բեղուն գործունէութիւն։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ այցելութիւնը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանի մը, Ռատիովատիկան կատարած առաջին այցելութիւնն է։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ` Դեսպան Մինասեան Հայկական Բաժնի խմբագրութեան նուիրեց ''հաւատքն ու բարեկամութիւնը'' խորհրդանշող խաչքար մը իսկ Հայկական բաժնի խմբագրութիւնը Վսեմաշուք դեսպանին որպէս յուշանուէր ներկայացուցին Ռատիովատիկանի 80 ամեակի առթիւ հրատարակուած, երկու հատորէ բաղկացած` Ռատիովատիկանի մասին պատմութեան գիրքը։

Յայտնենք որ Վսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեանը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատրմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ''մնայուն'' դեսպանն է։ Ան Ֆրանչիսկոս Պապին իր հաւատարմագրերը ներկայացուց անցեալ 7 յունիս 2013-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.